2014-08-07 09:47:54

«ՄԽԻԹԱՐ» մատենաշարի 44-րդ գիրքը`«Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)» խորագրով


Մեսրոպ Հայունիի գրիչէն լոյսին ընծայուեցաւ «ՄԽԻԹԱՐ» մատենաշարի 44-րդ գիրքը`«Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)» խորագրով, նուիրուած երջանկայիշատակ եպիսկոպոսի կեանքին եւ գործունէութեան: Գիրքի հրապարակման թուարկութիւնն է 2013 տարին, վայրը` Այնճար:
Ինչպէս գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, 176 էջերէ բաղկացած այս նկարազարդ հատորը հեղինակին սիրոյ եւ յարգանքի տուրքն է “Վիեննական Մխիթարեանին եւ Հոգեւորականին”, զոր ան ճանչցած է 1961 թուականէն ի վեր եւ որուն առաքելակիցը եղած է 1979-1983, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ (Հազմիէ), հետագային անոր հետ մնալով սերտ գործակիցներ` հոգեւոր ծառայութեան եւ կրթական ու գրահրատարակչական մարզերուն մէջ:
Սոյն գիրքով Մեսրոպ Հայունի ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կեանքն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մատենագիտական զեկոյցներ` անոր հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ “Մուսա Լեռ” ամսաթերթի եւ “Աւետիք” պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակուած յօդուածներուն եւ գրութիւններուն մասին: Ոգեկոչական գրութիւններուն մէջ ան վեր կը բերէ հայր Վարդանի մարդկային նկարագիրն ու հոգեւորականի հանգանակը, այդ նպատակին ծառայեցնելով յատկանշական քաղուածքներ անոր գրական եւ քարոզախօսական գործերէն:
Գիրքին “Յաւելուած” վերնագրուած մասով, հրատարակուած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին խօսքը` հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի վախճանումին առիթով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, մշակութային եւ հանրային մարզի ներկայացուցիչներու վկայութիւնները անոր մասին` նոյն առիթով:
Գիրքը կարելի է ձեռք բերել Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն կամ Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութենէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.